Պրիւքսէլ Մասնակիօրէն Սառեցուց Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկման Համար Անգարայի Ֆինանսաւորումը
«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հան յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը սառեցուցած է Եւրոպական Միութեան հետ համարկման համար Անգարայի յատկացուած ֆինանսաւորման մէկ մասը, որովհետեւ Թուրքիան «կը հեռանայ Եւրոպայէն»: «Թուրքիա դէպի Եւրոպա չ՛ընթանար, այլ` հակառակ ուղղութեամբ: Մենք օրէնքով հարկադրուած ենք ելեւմտական աջակցութիւնը կապել երկրին արձանագրած յառաջդիմութեան», «Տի.Վի.Էյ.» գործակալութեան ըսաւ Հան: Ան աւելցուց, որ ժխտական ընթացքը...




















