Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Աբխազիոյ Մէջ Անցակէտերու Փակուելուն Առնչութեամբ» Կ՛ըսէ Թոնըր

Մարտ 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրացական «Սիվիլ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ իր երկիրը «խորապէս մտահոգուած է Վրաստանի մէջ Աբխազիոյ բռնագրաւուած տարածքի վարչական սահմանագիծին վրայ երկու անցակէտերու փակման մասին Աբխազիոյ իրողական իշխանութիւններու որոշումին առնչութեամբ»:

Աբխազիոյ իշխանութիւնները 5 մարտին փակած էին վարչական սահմանագիծին վրայ գործող երկու անցակէտերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այդ գործողութիւնները «ա՛լ աւելի պիտի սահմանափակեն տեղաշարժի ազատութիւնը եւ տեղւոյն բնակչութեան գոյատեւման աղբիւրները»:

«Այդ գործողութիւնները տեղւոյն բնակչութեան մօտ կը յառաջացնեն մարդասիրական բնոյթի դժուարութիւններ եւ ժողովուրդին մօտ վստահութեան ու ինքնավստահութեան կորուստ: Միեւնոյն ժամանակ, հարուած կը հասցնեն ժընեւեան միջազգային բանակցութեան, որ անվտանգութեան եւ մարդասիրական կարիքներու տեսանկիւնէն տագնապէն վնասուած բնակչութեան պահանջներու վերաբերեալ բանակցութիւններ վարելու համար ընդունուած մեքանիզմն է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ինչպէս կը նշէ կայքը, Աբխազիոյ իշխանութիւններուն կողմէ 28 դեկտեմբերին երկու անցակէտերու փակման մասին որդեգրուած որոշումը յառաջացուցած է մտահոգութիւն թէ՛ տեղական, թէ՛ ալ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Նախորդը

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Անհիմն Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Գաղթականներու Կեդրոններու Ստեղծումը

Յաջորդը

«Սուրիոյ Տարածքին Մէջ Անկախ Քիւրտիստան Ստեղծելու Առիթը Կորսուած Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?