Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց Եւ Անկարգութիւններ` Պաթումի Մէջ

Մարտ 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաթումի մէջ տեղի ունեցան զանգուածային անկարգութիւններ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 20 վիրաւորներ:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր ոստիկանութեան աշխատակից մը տուգանքի ենթարկած է վարորդ մը` երթեւեկի կանոնները խախտելուն համար: Ականատեսներու վկայութեամբ` ոստիկանը հայհոյած է վարորդին: Տեղացի բնակիչները աջակցած են վերջինիս` կռուելով իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն հետ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ կռիւը վերածուած է զանգուածային բողոքի ցոյցի. ձերբակալութիւններէն ետք, Աճարիոյ ներքին գործոց գլխաւոր վարչութեան մօտ հաւաքուած է շուրջ հազար մարդ` պահանջելով պարեկային ոստիկանութեան նոր ղեկավար Մալխազ Պաթիաշվիլիի հրաժարականը:

Ինչպէս նախապէս յայտնած է «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայանը, յատուկ ուժերու զինուորները արցունքաբեր կազ եւ ռետինէ փամփուշտներ օգտագործած են ցուցարարներուն դէմ, որոնք փորձած են ներխուժել Աճարիոյ ներքին գործոց գլխաւոր վարչութեան շէնք:

Երէկ Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Կէորկի Մկերպիշվիլի Պաթումի բնակիչներուն խորհուրդ տուաւ տուներէն դուրս չգալ:

Մկերպիշվիլիի տեղեկութիւններուն համաձայն, անկարգութեան հարցով քաղաքին մէջ ձերբակալուած է շուրջ 40 մարդ:

«Վրաստանի տարածքին այսպիսի քաոսն ու որեւէ անկարգութիւն պիտի ճնշուին պատշաճ ուժով: Կ՛ուզեմ նշել, որ բոլոր անձերը, որոնք մասնակցած են անկարգութիւններուն կամ եղած են անոնց կազմակերպիչները, պիտի պատժուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ», ըսած է նախարարը:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կը Դատապարտէ. Դամասկոսի Մէջ Անձնասպանական Երկու Գործողութիւններ 41 Զոհ Պատճառեցին

Յաջորդը

Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ»

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?