Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ յայտարարած է, որ թուրք քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ ի գործ դրուած ճնշումներուն միակ նպատակը Թուրքիան իր բռնած ուղիէն ետ կանգնեցնելն է:
«Մեր միակ ցանկութիւնը այն է, որ Թուրքիան ողջմտութեան ուղիին վերադառնայ», ըսած է գերմանացի նախարարը` մեկնաբանելով թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: