Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժերը երէկ Շհէյրաթ օդակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռակոծման վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ դէմ կատարած յարձակումը վտանգաւոր խախտում մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն մը Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, իրողութիւն մը, որ «անգամ մը եւս կը փաստէ ամերիկեան հաշիւներուն եւ ընտրանքներուն սխալ ըլլալը»:
«Մենք չենք անգիտանար, թէ Ամերիկան հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսարեւմտեան Իրաքի մէջ ի՛նչ կը ձգտի իրագործել: Անոնք պէտք է գիտնան, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլին ու շարժումին ուշադրութեամբ կը հետեւինք, եւ աշխարհագրական այդ տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց փորձը զիրենք կը վերածէ սուրիական գերիշխան հողեր բռնագրաւող ապօրինի ուժերու», կը յայտնեն Սուրիոյ դաշնակից ուժերը:
Անոնք Միացեալ Նահանգներու կատարած հրթիռակոծումը նկատեցին «կարմիր գիծերու անցում մը»` խոստանալով այսուհետեւ ուժգնօրէն հակադարձել ոեւէ մէկու կողմէ կատարուած որեւէ յարձակումի եւ կարմիր գիծի շրջանցումի, «եւ Ամերիկան լաւ գիտէ հակադարձելու մեր կարողութիւնը»:
«Ռուսիան ու Իրանը Ամերիկային պիտի չարտօնեն տիրել աշխարհին եւ միաբեւեռ համակարգ պարտադրել Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակումի շարունակման ճամբով (…) եւ ուժեղ կերպով ու ամէն գնով պիտի կանգնին Ամերիկայի դիմաց», կ՛ընդգծեն այդ ուժերը` աւելցնելով, որ իրենք ամերիկեան յարձակումին պիտի հակադարձեն` աւելցնելով սուրիական բանակին տրամադրուած աջակցութիւնը:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սեւծովեան նաւատորմիղի «Ծովակալ Կրիկորովիչ» ռազմանաւը ուղարկած է Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր տեղակայուած են ռուսական մարտանաւերը:
Ռուսական պետական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նաւու գործունէութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ «զինուորական կացութեան փոփոխութենէն»: Ռազմանաւը զինուած է թեւաւոր հրթիռներով, հրթիռային պաշտպանութեան համակարգով, թնդանօթով, ականներով եւ կրնայ ուղղաթիռ կրել: