Շուէտի պետական «Իքոթ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երեք անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ:
Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լոֆվեն յայտնեց. «Բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի գործողութիւնը ահաբեկչական արարք է»:
Շուէտական ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ առնուազն երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Սթոքհոլմի գնացքի կեդրոնական կայարանէն հեռանալու եւ մայրաքաղաքի կեդրոնը երթեւեկելէ զգուշանալու:
Շուէտական լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ քաղաքին մէջ բոլոր փապուղիները փակուած են:
Վրայերթը արձանագրուեցաւ Սթոքհոլմի մէջ ինքնաշարժներու մուտքը արգիլուած Տրոթնինկաթան փողոցի եւ գլխաւոր ճամբու մը քառուղիին մօտ գտնուող մեծ խանութի մը մօտ: