
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ մէջ իսլամներու մեծ խումբ մը աղօթք-նամազ կարդացած են Ս. Սոֆիա տաճարին մօտ` պահանջելով տաճարը մզկիթ դարձնել:
Ներկայիս տաճարը իբրեւ թանգարան կը գործէ:
Նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է Անատոլուի երիտասարդական ընկերակցութիւն կազմակերպութիւնը: