Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Լրտեսական Օդանաւ Մը Թռիչք Կատարած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններուն Վերեւ

Մայիս 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ծովուժին պատկանող «Փի-8էյ. Փոսէյտոն» տիպի հակասուզանաւային օդանաւ մը հետախուզական թռիչքներ կատարած է Միջերկրականի վերեւ` Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններուն մօտ:

Ռուսական լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով զինուորական օդանաւերու թռիչքներուն տեղաշարժերուն հետեւող արեւմտեան կայքեր, հաղորդեց, որ 168440 արձանագրութեան թիւը ունեցող նշեալ օդանաւը Սիկիլիոյ մէջ Սիկոնելլա ռազմակայանէն ընթացք առնելէ ետք, երկարատեւ թռիչք կատարած է Լաթաքիոյ մէջ ռուսական օդուժի Հմէյմեմ ռազմակայանին եւ Թարթուսի մէջ ռուսական ծովուժի ռազմակայաններուն մօտ:

«Ինթերֆաքս» կը նշէ, որ արեւմուտքցի դէտերը նշեալ օդանաւին կատարած թռիչքները կը վերագրեն Փանամայի դրօշը բարձրացուցած «Վարիակ» բեռնատար նաւուն Թարթուսի նաւահանգիստ, իսկ «Ռուքիա 2» բեռնատար նաւուն Լաթաքիա հասնելուն: Զէնքերով բեռնաւորուած նշեալ երկու նաւերը նաւարկած էին Սեւ ծովուն վրայ` ռուսական Նովոռոսիսք նաւահանգիստէն:

Միւս կողմէ` «Քորրեսփոնտենթ»` յղում կատարելով օդուժի տեղաշարժին հետեւող արեւմտեան կայքերուն, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան օդուժի «Առ.Քիու-4 էյ. Կլոպըլ Հոք» տիպի ռազմավարական անօդաչու սարք մը կիրակի օր 10 ժամ տեւողութեամբ հետախուզական թռիչք կատարած է Ուքրանիոյ Տոնպաս շրջանի սահմանագիծին երկայնքով:

Կը նշուի, որ անօդաչու թռչող սարքը թռիչք կատարած է Սիկիլիոյ Սիկոնելա ռազմակայանէն եւ այդ օրուան ընթացքին սաւառնած Քիեւի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու եւ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան միջեւ գտնուող սահմանին երկայնքով:

Անօդաչու թռչող սարքը հետախուզական տուեալներ հաւաքած է 15.500 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարելու ընթացքին: Նշեալ սարքը Լուկանսքի մարզի կողմէն մօտեցած է Ռուսիոյ սահմանին` շուրջ 70-80 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ:

Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքեր գրեթէ ամէն ամիս հետախուզական թռիչքներ կը կատարեն Տոնպասի վերեւ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը Թուրքիան Կը Յորդորէ` Յարգել Ժողովրդավարական Չափանիշերը

Յաջորդը

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չունի»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?