Ամերիկեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Վինսընթ Սթիւըրթ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ զինեալ ուժերուն վերաբերեալ լսումի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հարցը հաւանաբար վճռուած է:
«Քիւրտիստանի անկախութիւնը կը գտնուի ուղիի մը վրայ, ուր հարցը անոր տեղի ունենալը կամ չունենալը չէ, այլ` ժամկէտը: Ուստի այս տարուան վերջաւորութեան տեղի ունենալիք հանրաքուէն կարեւոր պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Ան պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրաքեան կառավարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելէ ետք պիտի կարենա՞յ երկրին միութիւնը պահպանել, թէ՞ ոչ, ան ըսաւ, որ Մուսուլի ազատագրումէն ետք «իրաքեան կառավարութեան համար մեծագոյն մարտահրաւէրը շիիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող կառավարութեան եւ երկրին արեւմուտքը գտնուող սիւննիներուն ու հիւսիսը գտնուող քիւրտերուն հետ տարակարծութիւններու լուծումն է»:



