Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ապպաս Եւ Նեթանիահու Խաղաղութեան Հոլովոյթին Ու Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Նկատմամբ Իրենց Յանձնառութիւնը Հաստատեցին»

Մայիս 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը վերահաստատեց պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի խաղաղ լուծման ու Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Ապպաս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Բեթղեհէմի մէջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իսրայէլեան կառավարութենէն պահանջեց ընդառաջել հացադուլ կատարող պաղեստինցի գերիներու արդար պահանջներուն:

«Պաղեստինեան դատի որեւէ լուծումի հիմը Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնն է», նշեց ան` վերահաստատելով Արեւելեան Երուսաղէմի Պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքը ըլլալուն նկատմամբ իր կառչածութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ պատմութիւնը նշէ, թէ Թրամփ յաջողեցաւ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը հաստատել: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնութիւն մը գոյանայ:

«Պաղեստինցիներուն հարցը բռնագրաւումին, բնակեցման եւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը չյարգելուն հետ է», ըսաւ Ապպաս:

Թրամփ իր կարգին արտայայտեց իր յանձնառութիւնը պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքին նկատմամբ եւ ըսաւ. «Ամէն ջանք պիտի թափեմ այդ նպատակը իրագործելու համար երկու կողմերուն օժանդակելու»: Ան նշեց, որ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւնը «շրջանին մէջ խաղաղութեան անկիւնաքարն է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անմիջական միջոցառումներու որդեգրման» շուրջ:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին

Յաջորդը

Պահրէյնի Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներու Պատճառով Զոհ Մը, 100 Վիրաւոր Եւ 50 Ձերբակալեալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?