«էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 9-10 յուլիսին պիտի այցելէ Պոլիս:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Կը նախատեսուի, որ վերոնշեալ հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ ըլլան Սուրիոյ քրտական ուժերուն գործողութիւնները, քաթարեան ճգնաժամի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ իսլամ քարոզիչ, ամերիկաբնակ միլիառատէր Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թիլըրսըն վերջին անգամ Թուրքիա այցելած էր 30 մարտին: Իսկ նախորդ շաբաթ ալ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած էր Քաթարի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:



