Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Եռակողմ Վեհաժողով. Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ին Ու Քայիտային Վերջ Տալու Եւ Սահմանադրական Յանձնախումբի Աշխատանքի Ձեռնարկումը Դիւրացնելու Շուրջ Համաձայնութիւն

April 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահները երէկ Անգարայի մէջ իրենց եռակողմ ժողովին ընթացքին համաձայնած են սուրիացի գաղթականներու տունդարձի պայմանները պատրաստելու եւ շարունակելու իրենց գործակցութիւնը «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար»:

Երեք երկիրներու նախագահներուն` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Հասան Ռուհանիի եւ Վլատիմիր Փութինի ժողովէն ետք հրապարակուած նախագահական միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երեք ղեկավարները պատրաստ են սուրիական սահմանադրական յանձնախումբի աշխատանքի կարելի եղածին չափ շուտ ընթացք առնելուն օժանդակելու, Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երեք երկիրները մտադիր են շարունակել գործակցութիւնը` մինչեւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին ու Քայիտային ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին ու ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղեն Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու:

Միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երաշխաւոր երեք երկիրները վճռակամ են շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, միաժամանակ ահաբեկիչները զինեալ ընդդիմութենէն անջատելու կարեւորութիւնը շեշտեց:

Ըստ հաղորդագրութեան, յաջորդ եռակողմ վեհաժողովը պիտի գումարուի Թեհրանի մէջ:

Էրտողան Փութինի եւ Ռուհանիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ 3 հազար ահաբեկիչ ոչնչացուցած է` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի փորձէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի գործողութիւններուն ընթացքին քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերու արձանագրումը նուազեցնել:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիան, Ռուսիան եւ Իրանը, իբրեւ երաշխաւոր երկիրներ կը փորձեն Սուրիոյ ապագային շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել` նշելով, որ այդ երկիրներուն միջեւ գոյանալիք համաձայնութիւններն ու քայլերը ի նպաստ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին պիտի ըլլան:

Էրտողան քիւրտերուն յատկացուած ամերիկեան աջակցութեան ակնարկելով աւելցուց, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը կախեալ է «ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններէն հեռաւորութիւն պահելէն»:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ըսաւ, թէ իր երկիրն ու Ռուսիան կը գործակցին Թել Ապիատի մէջ վերջերս Արեւելեան Ղութայէն հեռացած զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար հիւանդանոցի մը հաստատման շուրջ:

Իրանի նախագահը Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց շրջանի երկիրներուն տիրելու համար ահաբեկիչները օգտագործելու յանցանքով` նշելով, որ սուրիացի ժողովուրդը այսօր մեծ յոյս ունի խաղաղութեան հաստատման եւ գաղթականներու տունդարձին նկատմամբ:

Ռուհանի շեշտեց, որ սուրիական տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ պէտք է քաղաքական լուծում մը որոնել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պետութեան գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը «առանցքային հարցեր են», եւ բոլորը պէտք է զայն յարգեն:

«Ոչ ոք կրնայ սուրիացի ժողովուրդին փոխարէն որոշել անոր ճակատագիրը: Այդ ժողովուրդը ինք ընտրութիւններու ճամբով պէտք է զայն ճշդէ», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, թէ եռակողմ քննարկումները տեղի ունեցած են շինիչ մթնոլորտի մէջ: Ան աւելցուց, որ համաձայնութիւն գոյացած է լուծումի առաջնորդող բոլոր քայլերուն մէջ համագործակցելու, մասնաւորաբար Ասթանայի բանակցութիւններուն ճամբով:

Երեք կողմերը նաեւ քննարկեցին Սոչիի խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու գործադրութեան կարելիութիւնները:

Փութին նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է տագնապի աւարտէն ետք Սուրիոյ վերակառուցման յատուկ ջանքերուն շուրջ:

Միւս կողմէ, Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ վեհաժողովը շինիչ էր, եւ երեք ղեկավարները գործնական եւ ոչ ժխտական մթնոլորտի մէջ քննարկած են Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը:

Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուհանի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն յայտնած է, թէ Աֆրինի շրջանը պէտք է յանձնուի սուրիական բանակին:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահը մէկ օր առաջ Էրտողանի հետ իր բանակցութիւններու արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու զարգացման առումով խոչընդոտներ չկան: Անգարան Մոսկուայի «գերակայ եւ շատ յուսալի գործընկերն է»:

Փութին նշած է, որ Էրտողանի հետ համաձայնած է արագացնել «Էս-400» հակաօդային համակարգերը թրքական կողմին յանձնելու հոլովոյթը, որուն առաջին քայլը կը նախատեսուի 2019-ին:

Էրտողան շեշտած է, որ պիտի չհրաժարի Ռուսիայէն «Էս-400»-ներ ձեռք բերելու միտքէն, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական պատժամիջոցներու սպառնալիքին տակ:

 

Նախորդը

Ըստ Ամերիկեան Պաշտօնական Աղբիւրի Մը. Ամերիկեան Ուժերը «Աւելի Երկար» Պիտի Մնան Սուրիոյ Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.