Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկրին պատմութիւնը գաղութատիրութենէն զերծ է եւ մարդկայնականութեամբ լի` նշելով. «Մեր մշակոյթին ու պատմութեան մէջ գաղութատիրութիւն չկայ, այլ` մարդկայնականութիւն, այսինքն` կարիք ունեցողին օգնութեան տրամադրումը»:
Ինչ կը վերաբերի Պոսնիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն` Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Պոսնիոյ` ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումներուն, որպէսզի պալքանեան շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատուի:
«Մենք մեր հաւատքին թելադրանքով պարտաւոր ենք օգնել մարդոց, եւ բարեգործութիւնը գոյութիւն ունի մեր կրօնին, մշակոյթին ու պատմութեան մէջ: Մենք մեր հայրերէն ու մեծ հայրերէն տեսածնիս կ՛ընենք եւ կը փորձենք այդ արժանիքը փոխանցել մեր թոռներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անատոլուի շրջանը միշտ ալ դարերու ընթացքին ապաստանարան եղած է Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն եկած տարբեր ազգերու, իսկ այսօր կը հիւրընկալէ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի նման երկիրներու մէջ պատերազմներէն ու բռնարարքներէն փախուստ տուածները»:
Խօսելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան նկատմամբ ՕԹԱՆ-ի կեցուածքին մասին` Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ իր երկիրը ՕԹԱՆ-ի սահմանն է, որ կը պաշտպանէ: «Թուրքիան շարունակ հաստատեց, որ կը զօրակցի Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան, եւ մեծ ջանք թափեց վերջ տալու Սուրիոյ պատերազմին` անմեղները փրկելու եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար», ըսաւ ան:
«Թուրքիան հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին քաղաքը, ինչպէս նաեւ Հալէպ նահանգի Ժարապլուս եւ Պապ քաղաքները ազատագրեց ՏԱՀԵՇ, ՔԱԿ, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւններէն», նշեց Եըլտըրըմ: