15 օգոստոսին կրնան տեղի ունենալ ռուս-թուրքմենական բանակցութիւններ: Ռուսական «Իզ» կայքը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու նախագահները` Վլատիմիր Փութին եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով հանդիպում պիտի ունենան Սոչիի մէջ:
Տեղեկատուական կայքին տուեալներով` Թուրքմենիստանի նախագահը այս շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ռուսիա, իսկ 15 օգոստոսին Սոչիի մէջ կը նախատեսուի կատարել երկիրներու նախագահներու հանդիպումը:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով այս տեղեկութիւնը, չէ բացառած մօտիկ ապագային բարձր մակարդակով ռուս-թուրքմենական բանակցութիւններու կայացումը:
Յիշեցնենք, որ Փութին եւ Պերտիմուհամետով 12 օգոստոսին մասնակցած էին «Կասպեան հնգեակ»-ի երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, որուն ընթացքին ստորագրուած էր Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակին մասին պատմական հռչակագիրը:
Ըստ համաձայնագիրին, Կասպից ծովու մակերեսը պիտի ըլլայ հասարակաց տարածք, իսկ անոր յատակն ու ընդերքը դրացի պետութիւններուն միջեւ պիտի բաժնուին միջազգային իրաւունքի եւ անոնց միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն հիմամբ:
Հռչակագիրին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուահմետով, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի:



