Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է քննարկման դնել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Ղազախստանի նախագահը ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի հարցը իրենց համար խնդիր դարձած է:
Փութին իր կարգին նշած է, որ կան ՀԱՊԿ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան վերաբերեալ հարցեր, որոնք պէտք է քննարկել:
«Կան նաեւ խնդրայարոյց հարցեր, այնպիսիք, որոնց մասին դուք նշեցիք», ըսած է Փութին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մարտ 1-ի գործով մեղադրանք առաջադրած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտնած էր, թէ վերջինիս դէմ մեղադրանք առաջադրելը խիստ ներքին իրաւական հոլովոյթ է, եւ Հայաստանի մէջ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Նոյն ատեն հաշուի առնելով, որ խօսքը ներկայիս ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարող անձին առնչուող գործի մասին է եւ մեծ կարեւորութիւն տալով կազմակերպութեան հեղինակութեան եւ անխափան բնականոն աշխատանքի ապահովման` Հայաստան ՀԱՊԿ-ի գործընկեր պետութիւններուն առաջարկած է սկսիլ ընդհանուր քարտուղարի փոխարինման հոլովոյթին: