Երկուշաբթի կէս գիշերէն ետք Շուէտի արեւմուտքը գտնուող քանի մը շրջաններու մէջ շուրջ 80 ինքնաշարժներ հրկիզուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ըստ գոյութիւն ունեցող տուեալներուն, շուրջ 80 ինքնաշարժ հրկիզուած է: Ամէնէն շատը վնասուած են Կէօթպորկ եւ Թրոլհեթան քաղաքներու որոշ թաղամասեր: Չի բացառուիր հրդեհներու միջեւ կապը», կ՛ըսուի շուէտական ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Դէպքի վայրերուն մօտ նկատուած են փակ դէմքերով երիտասարդներու խումբեր: Անոնք քարեր նետած են ու փակած դէպի այդ վայրերը տանող ճամբաները:
Ինքնաշարժներու հրկիզումներն ու յարձակողական երիտասարդներու խումբերը խնդիր են Շուէտի համար: Շատ յաճախ անոնք տեղի կ՛ունենան ուսումնական տարուան սկիզբը: