Միջազգային

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 2-րդ Կայանին.  Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Օդակայանին Մէջ Էջք Կատարած Զէնքերով Բեռնաւորուած Իրանեան Օդանաւ Մը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 2-րդ Կայանին. Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Օդակայանին Մէջ Էջք Կատարած Զէնքերով Բեռնաւորուած Իրանեան Օդանաւ Մը

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ շաբաթ գիշեր հարուածած է «Պոյինկ» տիպի իրանեան բեռնատար օդանաւ մը, որ քանի մը ժամ առաջ էջք կատարած էր Դամասկոսի միջազգային օդակայան` նշելով, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախ դարձած են օդակայանին մէջ օդանաւերու կանգառներ, որոնց վրայ ուշադրութեան շեղման համար նշուած էին ՄԱԿ-ի եւ բեռնափոխադրութեան միջազգային «Տի.Էյչ.Էլ.» ընկերութեան նշանները: Կայանը կը նշէ, թէ իրանեան օդանաւին Դամասկոս...

Ազրպէյճան Իսրայէլէն Աւելի Շատ Զէնք Կը Ցանկայ

Ազրպէյճան Իսրայէլէն Աւելի Շատ Զէնք Կը Ցանկայ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ազրպէյճան այցելած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժային նախարարութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելու համար: «Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, թէ Ազրպէյճան այն քիչ իսլամական երկիրներէն է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ շատոնց իսրայէլեան զէնք կը գնէ: Փորձագէտներու կարծիքով` այս այցելութիւնը եւս կապ ունի այդպիսի գործակցութեան հերթական փուլին հետ: «Ազրպէյճան չի թաքցներ, որ իսրայէլեան արտադրութիւնը նախապէս...

Ազրպէյճանի Մէջ Ռազմափորձեր

Ազրպէյճանի Մէջ Ռազմափորձեր

Ազրպէյճանի մէջ 17-22 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան լայնածաւալ ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին շուրջ 20 հազար զինուորներ, 200 հրասայլեր, շուրջ 10 հալածիչ ու ռմբաձիգ օդանաւեր եւ տարբեր տրամաչափի 120 հրթիռա-հրետանային համակարգեր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ ռազմափորձերուն ժամանակ բանակը պիտի մշակէ ծրագիր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ջախջախել շփման գիծին վրայ հայկական ուժերը, «ազատագրել ազրպէյճանական հողերը»...

«Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանման Ջոկատները  Իտլիպի Գործողութեան Մէջ Կրնան  Օժանդակել Սուրիոյ Կառավարութեան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանման Ջոկատները Իտլիպի Գործողութեան Մէջ Կրնան Օժանդակել Սուրիոյ Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց, որ քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Իտլիպի դէմ յարձակումին կրնան օժանդակել Սուրիոյ կառավարութեան: Նշենք, որ Իտլիպը Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող վերջին մեծ շրջանն է: Թրքական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց, որ Ուաշինկթըն պէտք է իմանայ, թէ որո՞նք շրջանին մէջ իր իսկական դաշնակիցներն են: «Նոր տեղեկագրութիւններ...

Փութին Եւ Էրտողան Երկուշաբթի Օր  Պիտի Քննարկեն Իտլիպի Հարցը

Փութին Եւ Էրտողան Երկուշաբթի Օր Պիտի Քննարկեն Իտլիպի Հարցը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ 17 սեպտեմբերին երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուին հանդիպում ունենալու եւ քննարկելու նախ եւ առաջ Իտլիպի մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը: «Մենք կ՛ուզենք Իտլիպի մէջ հասնիլ քաղաքական լուծման: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շատ կարեւոր է, սակայն ատոր անուան տակ երեխաներու եւ կիներու սպանութիւնները...

Թուրքիա Իտլիպի Մէջ Կ՛ամրապնդէ  Իր Դիրքերը Եւ Կը Զինէ Ընդդիմադիրները

Թուրքիա Իտլիպի Մէջ Կ՛ամրապնդէ Իր Դիրքերը Եւ Կը Զինէ Ընդդիմադիրները

Թրքական բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ յաւելեալ ուժեր կը կուտակէ, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը Իտլիպի մէջ, որ այժմ կը գտնուի սուրիական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն մէջ իր աղբիւրներուն: Թրքական ուժային կառոյցներէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ թուրք զինուորները ամրապնդած են Իտլիպի մէջ գործող 12 անցակէտ,...

Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն  Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով

Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիայէն` աւստրիացի լրագրող Մաքս Ցիրնկասթի ձերբակալութեան գծով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: Քուրց պահանջած է հիմնաւոր պատճառներ ներկայացնել ու բացատրել, թէ ի՛նչ հիմամբ լրագրողին տունը խուզարկուած է` առանց զգուշացման, եւ ինչո՞ւ Ցիրնկասթ կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ: Աւստրիոյ վարչապետը նաեւ կոչ ուղղած է` անյապաղ ազատ արձակելու իր երկրի քաղաքացին: Թուրքիոյ մէջ...

«Իտլիպի Դէմ Զինուորական  Յարձակումէն Պէտք Է Հրաժարիլ»  Կ՛ըսէ Կութիերես

«Իտլիպի Դէմ Զինուորական Յարձակումէն Պէտք Է Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին դէմ զինուորական յարձակումէն պէտք է հրաժարիլ»: Ան Մոսկուային, Թեհրանին եւ Անգարային կոչ ուղղեց` «միջազգային օրէնքին յանձնառու մնալու»: Ան ըսաւ, թէ այդ յարձակումէն հրաժարիլը կարեւոր է քաղաքային մեծաթիւ զոհերէն խուսափելու համար` նշելով. «Այդպիսի յարձակում մը պիտի վերածուի մարդասիրական մղձաւանջի մը, որ պիտի գերազանցէ սուրիական արիւնալի տագնապին ընթացքին նախապէս մեր տեսածները: Իտլիպը Սուրիոյ...

«Իտլիպի Ճակատամարտը Կարելի Է Յետաձգել,  Սակայն Ահաբեկիչներուն Հետ  Համակեցութիւնը Անկարելի Է»  Կ՛ըսէ Լաւրենթեւ

«Իտլիպի Ճակատամարտը Կարելի Է Յետաձգել, Սակայն Ահաբեկիչներուն Հետ Համակեցութիւնը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Լաւրենթեւ

Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ յայտարարեց, թէ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ ճակատումը կարելի է յետաձգել, սակայն խնդիրը պէտք է լուծուի, իսկ ահաբեկիչներուն հետ համակեցութիւնը անկարելի է: Անդրադառնալով Ժընեւի մէջ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներուն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ ժողովին` ան ըսաւ, թէ քննարկուած է Իտլիպի մէջ տիրող...

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Թեհրանը Իրաքի Մէջ  Ամերիկացի Դիւանագէտներու Դէմ Յարձակում Գործելէ

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Թեհրանը Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Դիւանագէտներու Դէմ Յարձակում Գործելէ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտնած են, որ իրաքեան Պասրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ յարձակման պատասխանատուութիւնը կը կրէ Իրանը: «Տը Հիլ» կը նշէ, որ Սպիտակ տունը սպառնացած է Թեհրանին «արագ ու վճռական» պատասխան տալ` ամերիկացի դիւանագէտներու նկատմամբ հաւանական յարձակման պարագային: Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքացիներու կեանքը պաշտպանելու...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անցեալ Տարուընէ  Ի Վեր Լոպիինկ Կատարող 21 Ընկերութիւն  Աշխատած Է Թուրքիոյ Օգտին

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անցեալ Տարուընէ Ի Վեր Լոպիինկ Կատարող 21 Ընկերութիւն Աշխատած Է Թուրքիոյ Օգտին

Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպիինկ կատարող տասնեակ մը ընկերութիւններ գումար կը ստանան Թուրքիոյ շահերը ներկայացնելու համար, որովհետեւ այդ երկրի տնտեսութիւնը կը տատանի ազգային դրամանիշի հետ կապուած ճգնաժամին եւ Թրամփի սահմանած մաքսատուրքերուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան` լոպիինկի հարցով բացայայտումներու մասին զեկուցումը: Փաստաթուղթին համաձայն, թրքական կառավարութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւններն ու այլ կազմակերպութիւններ աւելի քան 7,5 միլիոն տոլար...

Աւստրիոյ Մէջ Ծագումով Թուրք Երեսփոխանը  Վարչապետին Պահանջով Հեռացուած Է Կուսակցութենէն

Աւստրիոյ Մէջ Ծագումով Թուրք Երեսփոխանը Վարչապետին Պահանջով Հեռացուած Է Կուսակցութենէն

Աւստրիոյ Ժողովրդական կուսակցութեան անդամ, թուրք երեսփոխան Էֆկանի Տէօնմեզ կուսակցութեան ղեկավար, երկրի վարչապետ Սեպասթիան Քուրցի պահանջով հեռացուած է կուսակցութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՀապերԹիւրք»: Քուրց կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարին ըսած է, թէ Տէօնմեզը չ՛ուզեր տեսնել կուսակցութեան շարքերուն մէջ, ու պահանջած է անոր հեռացումը: Կուսակցութենէն հեռացման պատճառ դարձած է թուրք երեսփոխանին «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումներէն մէկը, որ բովանդակած է սեռային բնոյթի վիրաւորանքներ:...

Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու  Նախագահները Պիտի Հանդիպին Փիոնկիանկի Մէջ

Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Նախագահները Պիտի Հանդիպին Փիոնկիանկի Մէջ

Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահներ Մուն Ճէ Ին եւ Քիմ Եոնկ Ըն համաձայնած են այս տարի երկրորդ հանդիպում մը ունենալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ ենթադրաբար այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 18-20 սեպտեմբերին` Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաք Փիոնկիանկի մէջ: Նախատեսուող հանդիպումի օրակարգին վրայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետագայ բարելաւումն է եւ Քորէական թերակղզիի իրավիճակին կայունացումը: Հարաւային Քորէայի ազգային անվտանգութեան հարցերով...

Թուրքիա «Էս-400»-ները  Պիտի Ստանայ 2019-ին

Թուրքիա «Էս-400»-ները Պիտի Ստանայ 2019-ին

Թուրքիա ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը պիտի ստանայ յաջորդ տարուան կիսուն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը` յղում կատարելով Ռուսիոյ Ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան հարցով դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Տմիթրի Շուկայեւին: «Համաձայնագիրը կը գործադրուի ըստ ժամանակացոյցի: Մատակարարումը պիտի ըլլայ 2019-ի կէսերուն», յայտարարած է Շուկայեւ: Ռուսիա սկիզբը մտադիր էր «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը թրքական կողմին յանձնել 2020 թուականին, սակայն Անգարայի խնդրանքով փոխած է...

«Թուրքիան Պիտի Փորձէ Կանգնեցնել  Իտլիպի Դէմ Սուրիական Բանակի Յարձակումը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Պիտի Փորձէ Կանգնեցնել Իտլիպի Դէմ Սուրիական Բանակի Յարձակումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիան իր առաջին նպատակը ճշդած է կանգնեցնել Իտլիպի դէմ սուրիական կառավարական ուժերու յարձակումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Մենք բազմաթիւ ջանքեր գործադրած ենք չափաւորական ընդդիմութեան խումբերու եւ արմատական խմբաւորումներու տարանջատման հարցին մէջ: Ասատի վարչակարգը հարուածներ կը հասցնէ Իտլիպի մէջ` ահաբեկիչներու գոյութեան պատրուակով: Մեր նպատակն է կանգնեցնել յարձակումը Իտլիպի ուղղութեամբ»,...

«Իտլիպէն Գաղթականներու Նոր Հոսքի  Պարագային` Թուրքիան Գաղթականներ  Պիտի Չընդունի»  Կ՛ըսէ Պոզքըր

«Իտլիպէն Գաղթականներու Նոր Հոսքի Պարագային` Թուրքիան Գաղթականներ Պիտի Չընդունի» Կ՛ըսէ Պոզքըր

Թուրքիան սուրիացի նոր գաղթականներ պիտի չընդունի, եթէ Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգին մէջ սկսած զինուորական գործողութեան պատճառով գաղթականներու հոսք յառաջանայ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը: Պաշտօնեան նշած է, որ Թուրքիան ի վիճակի չէ դիմակայելու գաղթականներու նոր հոսքը, եւ թրքական սահմանը պիտի չբացուի Իտլիպէն Թուրքիա փախչող սուրիացիներուն առջեւ:...

«Ահաբեկչական Խմբաւորում Մը  Իտլիպը Կ՛օգտագործէ»  Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

«Ահաբեկչական Խմբաւորում Մը Իտլիպը Կ՛օգտագործէ» Կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով յայտնեց, որ ահաբեկչական աւազակախումբ մը Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտին կ՛օգտագործէ եւ այդտեղ կ՛ամրանայ: «Ահաբեկիչները յարձակումներ կը գործեն քաղաքայիններու դէմ եւ կը հարուածեն ռուսական զինեալ ուժերու դիրքերը», ըսաւ ան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտնեց, որ Անգարա Մոսկուային կոչ կ՛ուղղէ` Իտլիպի հարցի լուծման համար անհամաչափ ուժ չգործածելու: Անդրադառնալով Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ գործողութեան` Սիրոմոլոթով...

Փութինի Եւ Ալիեւի  Հանդիպումը` 25 Սեպտեմբերին

Փութինի Եւ Ալիեւի Հանդիպումը` 25 Սեպտեմբերին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 25 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքէ կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է ԱՊՀ-ի, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով Ռուսիոյ Տումայի յանձնախումբի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով` «Ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու նոր փուլ» խորագիրով Պաքու-Մոսկուա տեսակամուրջի ընթացքին: «Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Վլատիմիր Փութինը 25 սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահի Պաքու այցելութեան ծիրին մէջ պիտի ունենան...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի  Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Բացայայտած Է,  Որ Ասատ Արտօնած Է Իտլիպի Մէջ Քլոր Կիրարկել

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Բացայայտած Է, Որ Ասատ Արտօնած Է Իտլիպի Մէջ Քլոր Կիրարկել

Ամերիկեան հետախուզութեան ստացած տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կառավարական ուժերուն արտօնած է Իտլիպի մէջ զինեալներուն դէմ քլոր օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրի մը: Կը հաղորդուի, որ Ասատ իբր թէ հաւանութիւն տուած է Իտլիպի մէջ զինեալներու յարձակման պարագային կազանման քլորի գործածութեան, որուն իբրեւ անդրադարձ Փենթակոն արդէն պատասխան կը պատրաստէ: Սակայն նախագահ...

Թուրքիա-Յունաստան Սահմանը Խախտած  Թուրք Զինուորներ Ձերբակալուած Են,  Ապա Ազատ Արձակուած

Թուրքիա-Յունաստան Սահմանը Խախտած Թուրք Զինուորներ Ձերբակալուած Են, Ապա Ազատ Արձակուած

Թուրքիա-Յունաստան սահմանը խախտելու պատճառով Յունաստանի տարածքին մէջ ձերբակալուած են երկու թուրք զինուորներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Թուրք զինուորները ձերբակալուած մնացած են 7 ժամ, ապա ազատ արձակուած են: Զինուորները պնդած են, որ սահմանը կտրած են անզգուշօրէն, անոնց զինուորական կոչումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած: Մարտին Թուրքիա-Յունաստան սահմանը կտրելու պատճառով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած էին երկու յոյն զինուորներ, որոնք կը մեղադրուէին...

Page 581 of 884 1 … 580 581 582 … 884

Արխիւներ