Ազրպէյճանի մէջ 17-22 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան լայնածաւալ ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին շուրջ 20 հազար զինուորներ, 200 հրասայլեր, շուրջ 10 հալածիչ ու ռմբաձիգ օդանաւեր եւ տարբեր տրամաչափի 120 հրթիռա-հրետանային համակարգեր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ ռազմափորձերուն ժամանակ բանակը պիտի մշակէ ծրագիր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ջախջախել շփման գիծին վրայ հայկական ուժերը, «ազատագրել ազրպէյճանական հողերը» եւ ոչնչացնել թշնամական ուժերու զինուորական ու ռազմավարական դիրքերը: