Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Իտլիպի Մէջ Կ՛ամրապնդէ Իր Դիրքերը Եւ Կը Զինէ Ընդդիմադիրները

September 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ յաւելեալ ուժեր կը կուտակէ, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը Իտլիպի մէջ, որ այժմ կը գտնուի սուրիական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն մէջ իր աղբիւրներուն:

Թրքական ուժային կառոյցներէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ թուրք զինուորները ամրապնդած են Իտլիպի մէջ գործող 12 անցակէտ, իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն, զօրքը ուղարկուած է միայն սահմանամերձ շրջաններ:

«Մենք այնտեղ զինուորական ներկայութիւն ունինք, եւ եթէ մեր վրայ յարձակին, ապա ատիկա պիտի նկատուի յարձակում Թուրքիոյ դէմ եւ համապատասխան զինուորական հակազդեցութեան պիտի արժանանայ», ըսած է աղբիւրը:

Սուրիական ընդդիմութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկը` Մուսթաֆա Սերաժի, իր կարգին յայտնած է, թէ Իտլիպ հասած են «տասնեակներով» զինուորական մեքենաներ եւ մասնայատուկ ուժերու «հարիւրաւոր» անդամներ:

«Ռոյթըրզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիան զէնք կը մատակարարէ Իտլիպի մէջ գտնուող զինեալներուն, որոնք կը կռուին սուրիական բանակին ու անոր դաշնակից Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ:

Մասնաւորաբար կը նշուի, թէ թրքական զինեալ ուժերը զինեալ խմբաւորումներուն յանձնած են «Կրատ» տիպի հրթիռներ:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիան Իտլիպ կ՛ուղարկէ Սուրիական ազատ բանակի զինեալներ, որոնք աջակցած են Թուրքիոյ` Սուրիոյ հիւսիսը «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին:

Կը նշուէր, որ խմբաւորումը այս պահուս Սուրիոյ հիւսիսը ունի աւելի քան 50 հազար զինեալներ, որոնցմէ առնուազն 20 հազարին տրուած է Իտլիպի գործողութեան մասնակցելու համար պատրաստ ըլլալու հրահանգ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ` խօսելով Իտլիպի գործողութեան մասին, չէր հերքած այս լուրերը:

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն շաբաթավերջին իր ստորագրած մէկ յօդուածին մէջ գրած է. «Ռուսական պատերազմական օդանաւերն ու (Սուրիոյ) վարչակարգի ցամաքային ուժերը չեն յանդգնիր յարձակումներ գործել, մինչ թուրք զինուորները այդտեղ են»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրէտտին Չանըքլը երէկ յայտարարեց. «Իտլիպ նոր ճգնաժամի եզրին է, եւ Ռուսիոյ, Իրանի ու մեր դաշնակիցներուն հետ աշխատանք կը տանինք խաղաղութիւն հաստատելու եւ մարդասիրական աղէտ մը կանխարգիլելու համար»:

 

Նախորդը

Աւստրիոյ Վարչապետը Թուրքիայէն Բացատրութիւն Պահանջած Է Աւստրիացի Լրագրողի Ձերբակալութեան Գծով

Յաջորդը

Փեսքով. «Փութին Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Տայ Հայաստան. Թուականը Պիտի Յստակացուի»

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.