Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ շաբաթ գիշեր հարուածած է «Պոյինկ» տիպի իրանեան բեռնատար օդանաւ մը, որ քանի մը ժամ առաջ էջք կատարած էր Դամասկոսի միջազգային օդակայան` նշելով, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախ դարձած են օդակայանին մէջ օդանաւերու կանգառներ, որոնց վրայ ուշադրութեան շեղման համար նշուած էին ՄԱԿ-ի եւ բեռնափոխադրութեան միջազգային «Տի.Էյչ.Էլ.» ընկերութեան նշանները:
Կայանը կը նշէ, թէ իրանեան օդանաւին Դամասկոս փոխադրած զէնքերը պիտի յանձնուէին սուրիական վարչակարգին կամ Սուրիոյ մէջ անոր կողքին կռուող իրանամէտ շիի միլիսներուն:
Սուրիական ՍԱՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը շաբաթ գիշեր հաղորդած էր, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են Դամասկոսի միջազգային օդակայանի մերձակայքին դէմ իսրայէլեան յարձակումի մը եւ վնասազերծած շարք մը իսրայէլեան հրթիռներ:
Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդած էր, որ օդակայանի շրջանին մէջ շարք մը պայթումներու ձայներ լսուած են: