Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Իսրայէլէն Աւելի Շատ Զէնք Կը Ցանկայ

September 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ազրպէյճան այցելած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժային նախարարութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելու համար: «Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, թէ Ազրպէյճան այն քիչ իսլամական երկիրներէն է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ շատոնց իսրայէլեան զէնք կը գնէ: Փորձագէտներու կարծիքով` այս այցելութիւնը եւս կապ ունի այդպիսի գործակցութեան հերթական փուլին հետ:

«Ազրպէյճան չի թաքցներ, որ իսրայէլեան արտադրութիւնը նախապէս ինքզինք արդարացուցած է: Ինչպէս, օրինակ, 2016-ին Ազրպէյճան օգտագործած է իսրայէլեան ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք հայկական կողմը դժուարութիւններու առջեւ դրած էին», ըսած է զինուորական փորձագէտ Ուզէիր Զաֆարով:

Անոր համաձայն, իրենք զիրենք արդարացուցած են «Սփայք» հակահրասայլային հրթիռները: Փորձագէտին կարծիքով` Լիպըրմանի այցելութեան ժամանակ նոր որոշումներ պիտի որդեգրուին զէնքի հարցով, սակայն, թէ ատիկա ի՞նչ որոշում պիտի ըլլայ, կարելի պիտի ըլլայ գիտնալ միայն տարեվերջին, երբ երկիրը ՄԱԿ-ի մէջ հաշուետուութիւններ ներկայացնէ` գնուած եւ վաճառուած զինուորական արտադրանքի մատնանշումով:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հանդիպումը:

Լիպըրման բարձր գնահատած է երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական արմատները եւ կապերը, նաեւ գոհունակութիւն յայտնած երկիրներուն միջեւ ներկայ համագործակցութեան մակարդակին նկատմամբ:

Քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան տեսակէտները, երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ այլ` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր:

Լիպըրման նաեւ այցելած է Շեհիտներու ծառուղի:

Նախորդը

Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պատուած Է Նորա Արիսեանի Գործերը

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 2-րդ Կայանին. Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Օդակայանին Մէջ Էջք Կատարած Զէնքերով Բեռնաւորուած Իրանեան Օդանաւ Մը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.