Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումի Ընթացքին. Իտլիպի Մէջ 15 Քիլոմեթր Խորութեամբ Ապազինեալ Գօտի Ստեղծելու Շուրջ Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւն

September 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ գոյացուցած է «Իտլիպի շուրջ լուրջ եւ համաձայնեցուած լուծում մը»:

Սոչիի մէջ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին յայտնեց, որ հանդիպումը արդիւնաւէտ եւ շինիչ էր` նշելով. «Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի ու զինեալներու շրջաններուն միջեւ մինչեւ 15 հոկտեմբեր ապազինեալ գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Փութին ըսաւ, թէ թրքական ուժերն ու ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը Իտլիպի անջատման գօտիին մէջ միացեալ շրջուն ջոկատներ պիտի կազմեն` ընդգծելով, որ երկու երկիրները աշխուժօրէն կ՛աշխատին Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման եւ մարդասիրական կացութեան բարելաւման համար:

Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Իտլիպի մէջ զինեալներու գոյութեան Հալէպի նահանգին ու Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական դիրքերուն համար ներկայացուցած վտանգին նկատմամբ:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Որոշեցինք Իտլիպի խնդիրը լուծել մեկնելով Ասթանայի համաձայնութիւններու ոգիին ոլորտին մէջ մեր շահերը յարգելէն»: «Ռուսիա եւ Թուրքիա պիտի աշխատին Իտլիպի մէջ անջատման գօտիին հսկողութեան համար», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ Սոչիի մէջ իրագործուած քայլերը պիտի նպաստեն սուրիական հարցի լուծման: «Ռուսիոյ հետ պիտի ճշդենք Իտլիպի մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներուն գործունէութիւնը սահմանափակելու պայմանները», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին, հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութիւն պիտի չշղթայազերծուի:

Նշենք, որ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ամերիկացիներու` արեւելեան Սուրիոյ Թանաֆ շրջանէն հեռացման շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ռուսական եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Պիտի Չմասնակցին Իտլիպի Դէմ Գործողութեան

Յաջորդը

Այսօր` Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Ղեկավարներու Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.