Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի պնդումով, ռուսական հետախուզական «Իլ-20» օդանաւի վար առնուելուն ամբողջ մեղքը կը կրեն Սուրիոյ իշխանութիւնները: Այդ մասին Նեթանիահու նշած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երեքշաբթի երեկոյեան կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետը նշած է.«Իսրայէլեան կողմը պատրաստ է Մոսկուային տրամադրելու միջադէպին վերաբերող բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ռուսական «Իլ-20»-ի հետ կատարուածը շատ տխուր միջադէպ է:
«Նոր իմացայ այդ միջադէպի մասին: Ես, փաստերու վրայ հիմնուելով, կը կարծեմ, որ Սուրիան վար առած է ռուսական օդանաւը», ըսած է Թրամփ: