Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կ՛ողջունէ Իտլիպի Շուրջ Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը

Սեպտեմբեր 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց. «Շնորհիւ վերջին շաբաթներու ընթացքին որդեգրուած քայլերուն, ժողովներուն եւ բանակցութիւններուն, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ առնուած քայլերը, կարելի եղաւ սուրիական Իտլիպ քաղաքին մէջ պատերազմը կանխարգիլել»:

«Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Անգարա եւ Դամասկոս այցելութեանս ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետագային Թեհրանի մէջ Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա վեհաժողովին ու Սոչիի մէջ ժողովի ընթացքին կիրարկուած պատասխանատու եւ աշխուժ դիւանագիտութեան շնորհիւ, կրցանք Իտլիպի մէջ պատերազմ մը կանխարգիլել, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մեր վճռականութի՛ւնը վերահաստատել», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Դիւանագիտութիւնը արդիւնաւէտ է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ողջունենք Իտլիպի շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը»:

«Իրանը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համաձայնութենէն տեղեակ պահուած էր, եւ զայն յայտարարելէն առաջ իրեն հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կատարեց դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մը, որ Իտլիպի մէջ մարդասիրական մեծ աղէտ մը պիտի կանխարգիլէ»:

Աշլի. «Փութին-Էրտողան Ժողովը Քաջալերական Էր»

Ամերիկեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Ռոպըրթ Աշլի յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Սուրիոյ վերաբերող ժողովը քաջալերական էր այդտեղի տագնապը լուծելու տեսակէտէն»:

«Քաջալերական է, որ այսպիսի քննարկումներ, Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան», նշեց ան:

Խօսելով Իտլիպի կացութեան մասին` Աշլի ըսաւ, թէ անիկա «եռացող կաթսայ մըն է` նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին մէջ շուրջ 20 տարբեր խմբաւորումներ ու կազմակերպութիւններ կը գործեն»:

«Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելը երկար ժամկէտի վրայ միայն այդտեղի քաղաքայիններուն տառապանքը պիտի վատթարացնէ», ըսաւ ամերիկացի պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Մենք կ՛ուզէինք տեսնել երկխօսութիւն, տարբեր խմբաւորումներու գործակցութիւն` խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով»:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Չինական Ապրանքներու Վրայ Նոր Մաքսատուրքերու Հաստատման Հրամանագիր Ստորագրեց

Յաջորդը

Ռուսիա Պատասխանատու Կը Նկատէ Իսրայէլը Եւ Իրեն Կը Վերապահէ Պատասխանելու Իրաւունքը

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?