Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Քննարկուի Փութին-Մարկվելաշվիլի Հանդիպումի Կարելիութիւնը» Կ՛ըսէ Ապաշիծէ

Հոկտեմբեր 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիֆլիս չի բացառեր, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի նախագահները կրնան հանդիպիլ` քննարկելու համար երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ աւելի քան մէկ տասնամեակի ընթացքին կուտակուած խնդիրները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Ռուսթաւի2» պատկերասփիւռի կայանէն այդ մասին նշած է Վրաստանի վարչապետի` Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու գծով յատուկ բանագնաց Զուրապ Ապաշիծէն` ընդգծելով, սակայն, որ երկու երկիրներուն դիւանագէտները այդպիսի հանդիպումի մը մասին տակաւին որեւէ յստակ բան չեն կրնար ըսել:

«Տեսականօրէն նախագահներու հանդիպում հաւանական է: Մենք միշտ ըսած ենք, որ եթէ այդպիսի հանդիպում տեղի ունենայ, իսկ ատոր անհրաժեշտութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի ծագի, ապա այդ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ նախ եւ առաջ պէտք է ընդգրկուին մեզի համար հրատապ եղող հարցերը: Խօսքը տագնապի գօտիներուն մէջ տիրող կացութեան մասին է: Կը կարծեմ, որ ասիկա այն խնդիրն է, որուն մէջ գոնէ քիչ մը յառաջընթացի անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի», յայտարարած է Ապաշիծէ:

Վրաստանի վարչապետի յատուկ բանագնացը այս յայտարարութիւնը կատարեց Չեխիայէն Վրաստան վերադառնալէ անմիջապէս ետք: Ան Փրակայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ բանակցութիւններու հերթական փուլին կը մասնակցէր:

Ապաշիծէի հետ հանդիպումներու նպատակներէն մէկը նաեւ նախագահներու հանդիպում կազմակերպելը չէ ժխտած նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Բարձր մակարդակով նման հանդիպումը քաղաքական լուրջ իրադարձութիւն է: Փրակայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններով մենք, փաստօրէն, նմանատիպ հանդիպում կը նախապատրաստենք: Եթէ մենք կարենանք երկու երկիրներու ղեկավարներուն այնպիսի բան մը առաջարկել, որ անոնք քննարկեն դէմ առ դէմ հանդիպումի ժամանակ, ապա պիտի երթանք այդ քայլին: Առայժմ, սակայն, այդ ամէնը շատ տեսական բնոյթ կը կրէ», նշած է Քարասին:

Նշենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Վրաստան օր մը ի վերջոյ պիտի դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ»:

 

 

Նախորդը

Իրան Կը Հերքէ Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակումի Կազմակերպման Հետ Առնչութիւն Ունենալու Մասին Մեղադրանքները

Յաջորդը

«Իրան Սուրիոյ Տարածքին Կը Գործէ Դամասկոսի Արտօնութեամբ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?