Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Քրէական Դատարանի Որոշումէն Ետք. «Միացեալ Նահանգներ Դուրս Կու Գան 1955-Ին Իրանի Հետ Կնքուած Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրէն» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Հոկտեմբեր 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գան 1955 թուականին Իրանի հետ կնքուած «Բարեկամութեան, տնտեսական յարաբերութիւններու եւ հիւպատոսական իրաւունքներու մասին» համաձայնագիրէն եւ կը կարծեն, որ Իրանը Միջազգային քրէական դատարանը կ՛օգտագործէ քաղաքական եւ քարոզչական նպատակներով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ:

«Ես կը յայտարարեմ, որ Միացեալ Նահանգներ կը խզեն Իրանի հետ բարեկամութեան մասին 1955 թուականի համաձայնագիրը: Ատիկա որոշում է, որ ճիշդը, անհրաժեշտ էր որդեգրել 39 տարի առաջ», ըսած է ան:

Փոմփէօ այդ որոշումը կապած է այս տարուան յուլիսին Իրանի Միջազգային քրէական դատարանին ներկայացուցած դիմումին, որով Թեհրան Միացեալ Նահանգները մեղադրած էր տուեալ համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը կտրուկ քննադատութեան ենթարկած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումը, որուն համաձայն, Ուաշինկթըն պէտք է ջնջէ Թեհրանի դէմ հաստատած իր պատժամիջոցներուն մէկ մասը:

«Իրան կը փորձէ միջամտել մեր ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ օրինական միջոցներ կիրարկելու Միացեալ Նահանգներու իրաւունքին: Իրան կը չարաշահէ Միջազգային քրէական դատարանը քաղաքական եւ քարոզչական նպատակներով», յայտարարած է Փոմփէօ:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Միջազգային քրէական դատարանը Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց դադրեցնել Իրանի դէմ սահմանուած շարք մը պատժամիջոցներու գործադրումը: Միացեալ Նահանգներ պէտք է ջնջեն Իրանի դէմ այն պատժամիջոցները, որոնք կը վերաբերին մարդասիրական օժանդակութեան եւ քաղաքային թռիչքներուն:

Իրան ամերիկեան պատժամիջոցներու հարցով ՄԱԿ-ի դատարան դիմած էր օգոստոսի վերջաւորութեան: Իրանեան իշխանութիւնները կը պնդեն, որ ամերիկեան վարչակազմին մայիսին սահմանած պատժամիջոցները կը խախտեն 1955 թուականի համաձայնագիրին պայմանները:

 

 

Նախորդը

«Իրան Սուրիոյ Տարածքին Կը Գործէ Դամասկոսի Արտօնութեամբ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

«Թուրքիան Որեւէ Պահու Կրնայ Նոր Քայլերու Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?