Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Մեղադրած Է ՄԱԿ-ը Կողմնակալ Ըլլալու Յանցանքով Եւ Պահանջած Բարեփոխումներ Կատարել

October 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը այլեւս ի վիճակի չէ համամարդկային արդարութիւն ապահովել, եւ կազմակերպութիւնը լուրջ ներքին բարեփոխումներու կարիք ունի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Ըստ Էրտողանի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է ներառէ 7 ցամաքամասերէ երկիրներ: «Մենք պէտք է ատոր հասնինք», «Թէ.Ռէ.Թէ. Համաշխարհային համախմբում» գիտաժողովի ընթացքին ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը մեղադրած է ՄԱԿ-ը կողմնակալ վերաբերմունքի եւ գործունէութեան յանցանքով` պնդելով, որ կազմակերպութիւնը կը խուսափի կեանքի կոչել Իսրայէլի շահերուն հակասող որեւէ որոշում: Էրտողանի պնդումով` ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է, որուն պատճառով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը չի գտներ իր լուծումը:

«Իսրայէլի հարցը, Պաղեստինի հարցը լուծման յանգեցա՞ւ: Չյանգեցաւ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Իսրայէլի վերաբերեալ որդեգրուած որոշումներ կան, անոնցմէ ոչ մէկը գործադրուած է: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ երբ Իսրայէլը չ՛ընդունիր ատիկա, ոչ ոք չի կանգնիր ու բան չ՛ըսեր, կամ ալ չեն կարենար», ըսած է Էրտողան:

Էրտողան Կ՛ուզէ Հանրաքուէի Դնել Եւրոպական Միութեան
Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Շարունակման Հարցը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չէ բացառած, որ իր երկրին` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները շարունակել-չշարունակելու հարցը Թուրքիոյ մէջ կրնայ դրուիլ ժողովրդական հանրաքուէի: Այս մասին Էրտողան յայտարարած է «Թէ.Ռէ.Թէ. Համաշխարհային համախմբում» գիտաժողովի ընթացքին:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը «կը մօտենայ իր պատմութեան աւարտին»:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր անորոշութեան մէջ կը պահէ Թուրքիան, եւ այլեւս այդպէս կարելի չէ շարունակել:

«1963-էն սկսեալ մեզ կը խաբեն: Մենք շատ բան ունինք տալիք Եւրոպական Միութեան: Թերեւս Եւրոպական Միութիւնն ալ մեզի շատ բան ունի տալիք, սակայն այսպիսի տրամաբանութեամբ եթէ շարունակէ` մեզի կը մնայ հարցնել մեր 81 միլիոն ժողովուրդին», ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ ժողովուրդը պէտք է վարժուի յաճախակի հանրաքուէներու` օրինակ տալով, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ «տարուան մէջ 2-3 հանրաքուէ կը տեղաւորեն»:

Թուրքիան 1963-ին Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է, աւելի ուշ` 1987-ին, Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու դիմում ներկայացուցած է եւ 1999-ին դարձած անդամակցութեան թեկնածու:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Յայտնած Է Սուրիայէն Թրքական Զօրքերու Դուրս Բերման Պայմանները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.