Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մետասաներորդ պահուն ջնջեց Էրպիլ եւ Պաղտատ նախատեսուած իր այցելութիւնները: Այցելութեան ջնջման պատճառները մնացին անյայտ:
Կը նախատեսուէր, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին եւ ուրբաթ, 12 հոկտեմբերին Էրպիլ եւ Պաղտատ այցելէ եւ բարձր մակարդակի շարք մը ժողովներ գումարէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ Չաւուշօղլուն իրաքցի պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները:



