Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Կրնայ 2019-ին Դուրս Մնալ Եւրոպական Խորհուրդի Կազմէն

October 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կրնայ դուրս մնալ Եւրոպական խորհուրդի կանոնադրական մարմիններու անդամ պետութիւններու շարքէն, եթէ մինչեւ յաջորդ տարուան կէսերը չսկսի համապատասխան վճարումներ կատարել կառոյցի պիւտճէին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտը:

Եակլանտ յայտնած է, թէ Ռուսիան ինքն իրեն կ՛արտօնէ տեւաբար անհրաժեշտ վճարումներ չկատարել, ինչ որ իր կարգին իրաւունք կու տայ պատժամիջոցներ կիրարկել այդ երկրին դէմ:

Ան յիշեցուցած է, որ յունիս 2019-ին կ՛աւարտի Ռուսիոյ կողմէ միջազգային կառոյցի պիւտճէին կատարած վերջին վճարման պահէն ի վեր երկամեայ ժամկէտը: Եւ եթէ Մոսկուան նոր վճարում չկատարէ, ապա կրնայ դադրեցնել իր աշխատանքը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտնեց, որ Ռուսիան մինչեւ յունուար պիտի յստակացնէ ԵԽԽՎ վերադառնալու հարցով իր դիրքորոշումը: «Յունուարին մենք կա՛մ դիմում պիտի ներկայացնենք ԵԽԽՎ-ի մէջ աշխատանքը շարունակելու, կա՛մ պիտի չդիմենք, եւ այդ ատեն կրնան ըլլալ այլ որոշումներ», լրագրողներուն ըսաւ ան:

Տումայի փոխնախագահ Փիոթր Թոլսթոյ նախապէս յայտարարած էր, թէ Ռուսիան չ՛ուզեր անդամակցիլ կառոյցի մը, որ խտրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ ազգային պատուիրակութիւններու նկատմամբ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի յարաբերութիւնները ներկայիս բարդ փուլի մէջ են: Լարուածութիւնը սրած է 2014-2015-ին, երբ ռուս խորհրդարանականներէն մէկ քանին զրկուած են շարք մը իրաւունքներէ` Խրիմի հարցին մէջ իրենց ցուցաբերած դիրքորոշումին պատճառով:

Մոսկուան յայտարարած է, որ այդպիսի կացութեան մէջ աշխատիլը անկարելի է, եւ դադրած է մասնակցիլ նիստերուն: Այնուհետեւ Եւրոպական խորհուրդը ո՛չ միայն չէ ջնջած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, այլ նաեւ նորերը սահմանած է:

Յունիս 2017-ին Մոսկուայի եւ Սթրազպուրկի միջեւ տագնապը աւելի սրած է, Ռուսիան յայտարարած է, որ Եւրոպական խորհուրդի պիւտճէին գումար պիտի չվճարէ, այնքան ատեն որ ԵԽԽՎ-ի մէջ ռուսական պատուիրակութեան իրաւունքները լիարժէքօրէն չեն վերականգնուած:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէայի Մէջ Պատրաստ Են Ամբողջ Դար Մը Ապրելու Միջազգային Պատժամիջոցներու Տակ

Յաջորդը

Թրամփ Սպիտակ Տան Մէջ Ընդունած Է Թրքական Բանտէն Ազատ Արձակուած Պատուելի Պրանսընը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.