Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Անվտանգութեան բնագաւառին մէջ եւրոպական եւ շրջանային համագործակցութեան ենթայանձնախումբի նախագահ Ռան Ճոնսըն եւ այդ ենթայանձնախումբի անդամ ծերակուտական Քրիս Մըրֆի ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որ Եւրոպական Միութեան ռուսական կազի մատակարարումներու կրճատման քայլեր կ՛առաջարկէ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ-ին կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է ծերակուտական Մըրֆիի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Եւրոպական անվտանգութեան եւ ուժանիւթի հատուածին մէջ բազմազանութեան մասին» օրէնքը ուղղուած է «Ռուսիոյ կործանարար ազդեցութեան հակազդելուն եւ Միացեալ Նահանգներու եւ արտասահմանի մէջ տնտեսական կարելիութիւններու ստեղծման», կը նշուի կայքին վրայ:
Փաստաթուղթը 1 միլիառ տոլարի յատկացում կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան մէջ ուժանիւթի նոր աղբիւրներու օգտագործման նախագիծերու ֆինանսաւորման համար, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ու թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
«Այս օրէնքը Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի եւ զարգացման գործակալութեան եւ միւս գործակալութիւններուն կարելիութիւն կու տայ աջակցիլ Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի ռազմավարական առումով կարեւոր ուժանիւթային նախագիծերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ոչ պետական հատուածի ներդրումներուն: Անիկա պիտի պաշտպանէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերը` օժանդակելով Եւրոպայի մէջ ուժանիւթային անվտանգութեան բարելաւման եւ շուկայի բազմազանացման», ըսած է Ճոնսըն:



