Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քննադատներու ուղարկուած ռումբ պարունակող ծրարներու հարցով շաբաթ օր Ֆլորիտայի մէջ ձերբակալուեցաւ 56-ամեայ մարդ մը:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ ան Սեզար Սայոքն է: Անոր ուղղուած են հինգ ամբաստանութիւններ, ներառեալ` պայթուցիկ նիւթերով նամակներ հասցէագրել եւ նախկին նախագահներու սպառնալ:
Նախագահ Թրամփ յայտնած էր, որ այդ արարքը «նողկալի է եւ մեր երկրի մէջ տեղ չունի»:
Վերջերս ռումբ պարունակող 14 ծրարներ ուղարկուած էին Դեմոկրատական կուսակցութեան յայտնի գործիչներու եւ մեծ ճանաչում ունեցող այլ մարդոց, ինչպէս` նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընին, Հիլըրի Քլինթընին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն Ճոն Պրենընին, «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին, դեմոկրատական քոնկրեսական Մաքսին Ուոթըրզին, արդարադատութեան նախկին նախարար Էրիք Հոլտըրին, միլիառատէր Ճորճ Սորոսին, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ աշխարհահռչակ դերասան Ռապըրթ տը Նիրոյի պատկանող ճաշարանի մը:
Երկու այդպիսի ծրարներ ուրբաթ առաւօտեան յայտնաբերուած էին Ֆլորիտայի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Հետագային Քալիֆորնիոյ մէջ յայտնաբերուած էին երկու յաւելեալ ծրարներ, որոնցմէ մէկը դեմոկրատական կուսակցութեան նուիրատուներէն Թոմ Սթէյըրի հասէագրուած էր, իսկ միւսը` դեմոկրատական ծերակուտական Համալա Հարիսի:
Դէպքերը արձանագրուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ, միջանկեալ ընտրութիւններէն նուազ քան երկու շաբաթ առաջ` մինչ քաղաքականութիւնը մեծապէս բեւեռացած է:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ձերբակալեալը Հանրապետական կուսակցութեան անդամ մըն է, որ ներկայ գտնուած է Թրամփի 2016-ի եւ 2017-ի կարգ մը ընտրական հաւաքներուն: Սակայն նախագահը հերքեց, թէ իր խօսքերը որեւէ ձեւով խթանած ըլլան յարձակումները:



