Փաքիստանի Մէջ Դատարանը Արդարացուցած Է Մոհամետ Մարգարէն «Վիրաւորելու» Համար Մահապատիժի Դատապարտուած Կինը
Փաքիստանի գերագոյն դատարանը ջնջած է Մոհամետ մարգարէն «վիրաւորելու» համար 2010 թուականին մահապատիժի դատապարտուած քրիստոնեայ կնոջ` Ասիա Պիպիի վճիռը: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ տուեալ որոշումը շրջադարձային է երկրի արդարադատութեան համակարգին համար: Օրաթերթը գովելի կը նկատէ այն փաստը, որ Գերագոյն դատարանը իսլամական խումբերէն ստացած սպառնալիքներու եւ զանգուածային բողոքի պայմաններուն մէջ քաջութիւն ունեցած է ջնջելու այդ վճիռը: Իսլամականները սպառնացած են...




















