Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնէ կ՛արձակեն տասնեակ քիւրտ գիւղապետներ, որոնց ղեկավարած համայնքներուն մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը անցեալ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւն ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:
Յայտնի է, որ վերջերս աշխատանքէն հեռացուած են քրտաբնակ Կորճայք նահանգի Եուքսեքովա շրջանի 31 գիւղական համայնքի ղեկավարներ. այդ գիւղերուն մէջ ընտրութիւններու ժամանակ քրտամէտ կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու շուրջ 90 առ հարիւրը եւ աւելին:
Աղբիւրը կը նշէ, որ ընդհանուր առմամբ Եուքսեքովայի մէջ արձանագրուած է 62 գիւղական համայնքներ, որոնց ճիշդ կէսին գիւղապետները, փաստացի, մէկ օրուան մէջ փոխուած են:
Գիւղապետները աշխատանքէն հեռացնելու իբրեւ հիմնաւոր պատճառ` նահանգապետարանը նշած է «ահաբեկչութեան հետ կապերն ու պաշտօնի հետ անհամատեղելի գործողութիւնները»` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ անոնց հաւանական կապերը:



