Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է` Ռուսիոյ բացատրելու, որ վերջինիս նկատմամբ աւելի կոշտ քայլերու պիտի ձեռնարկուին, եթէ ան ուժեղացնէ միջազգային նաւարկութեան «տէ ֆաքթօ արգելափակումը» Ազովի ծովուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Եւրոպական Միութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Չիժով մերժած է Եւրոպական խորհրդարանին դիրքորոշումը` զայն կոչելով «կատարեալ անհեթեթութիւն»: Ան յայտարարած է, որ Մոսկուան «լիարժէք իրաւունք ունի» Ազովի ծովուն մէջ իր գործողութիւնները կատարելու:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներ դատապարտած էին Ազովի Ծովի եւ Քերչի նեղուցին մէջ միջազգային նաւերու նկատմամբ Ռուսիոյ գործողութիւնները` զանոնք որակելով «ոտնձգութիւն»: Ուաշինկթըն յայտարարած էր, թէ ասիկա յաւելեալ օրինակ մըն է, որ Մոսկուան կը փորձէ ապակայունացնել Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը:
Օգոստոս 30-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրած էր Ռուսիան` ապրիլէն հարիւրաւոր առեւտրական նաւերու տեղաշարժը խափանելուն համար:
Նախարարութիւնը ըսած էր, որ Ռուսիոյ ծովային տարանցումը խոչընդոտելու գործողութիւնները Ուքրանիոյ ապակայունացման ուղղուած շարունակական գործողութիւններ են, ինչպէս նաեւ` միջազգային արժեչափերու անտեսում:



