Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է խանգարել վենեզուելական ճգնաժամի լուծման համար Ուրուկուէյի եւ Մեքսիքայի առաջարկած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:
Մատուրօ Քարաքասի Պոլիվար հրապարակին վրայ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը պէտք է բանակցութեան սեղան նստին` ի շահ Վենեզուելայի»` նշելով. «Երկխօսութեան մերժումը կը նշանակէ ընտրել ուժի կիրարկումը»:
Միւս կողմէ, Վենեզուելայի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Էլիըթ Ապրամս յայտնեց. «Մատուրոն նախապէս ապացուցած է, որ պիտի շարունակէ շահագործում կատարել բանակցութիւններու ժամանակ օգուտ ստանալու համար: Մատուրոյի հետ երկխօսութիւն կատարելու ժամանակը շատոնց անցած է»:
Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած չեն Վենեզուելայի հարցով միջազգային հաղորդակցութեան խմբակին միանալու, սակայն կ՛ակնկալեն, որ խումբի միւս անդամները ունենան Ուաշինկթընի ունեցած դիրքորոշումը, եւ Մատուրոյին կը հասկցնեն, որ եկած է Վենեզուելայի մէջ բռնապետութեան վերջ տալու ժամանակը: