Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը սպառնաց վեթոյի ենթարկել Քոնկրեսի կողմէ որդեգրուած Եմէնի պատերազմին մէջ Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը դադրեցնելու որեւէ որոշում:
Վարչակազմը աւելցուց, որ այդպիսի որոշումի մը որդեգրումը պիտի վնասէ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն եւ պիտի տկարացնէ բիրտ ծայրայեղականութեան տարածման դէմ պայքարելու անոնց կարողութիւնը:
Նշենք, որ հանրապետական եւ դեմոկրատական օրէնսդիրներ շուրջ երկու շաբաթ առաջ վերստին շրջանառութեան մէջ դրին պատերազմի լիազօրութեան վերաբերեալ որոշում մը` Եմէնի մէջ մարդասիրական աղէտին ու սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով Ռիատի յղելու համար ուժեղ պատգամ մը:
Ամերիկեան վարչակազմը, սակայն, կը պնդէ, որ այդ որոշումը անպատշաճ է, որովհետեւ ամերիկեան ուժերը սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին միայն օդանաւերու վառելանիւթ կը հայթայթեն, եւ ոչ թէ մարտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն:



