Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Գիտեմ, որ Սուրիան, Ռուսիան եւ Իրանը միշտ ալ ամերիկեան պատժամիջոցներու թիրախ եղած են»` աւելցնելով, որ տնտեսական պատժամիջոցներու հաստատումը «տնտեսական ահաբեկչութիւն» է:
Ռիապքով շեշտեց, որ այդ պատժամիջոցները «որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար եւ որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, այլ կ՛ամրապնդեն մեր հաղորդակցութիւնը, գործընկերութիւնն ու դիմանալու կարողականութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ աջակցութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան վերականգնումը մօտալուտ է` շնորհիւ Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա գործակցութեան:
«Իբրեւ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներ` Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ ազդու գործակցութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
Ռիապքով նաեւ յայտնեց, որ հակառակ Սուրիոյ կացութեան, ռուս-սուրիական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ եւ ոչինչ զանոնք պիտի արգելակէ կամ անոնց վնաս պատճառէ:



