Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Հիւսթընի մէջ ուժանիւթի «ՍԵՐԱՈւիք» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ իր երկիրը մտադիր է զերոյի հասցնել իրանեան քարիւղի արտածումը:
«Մենք հաստատապէս մտադիր ենք զերոյի հասցնել իրանեան քարիւղի արտածումը», ըսաւ ան` նշելով, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն, որ Իրան «բնական երկրի պէս» վարուի:
«Մենք պիտի շարունակենք պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն վարել, այնքան ատեն որ Իրան տակաւին չէ սկսած բնական երկրի պէս վարուիլ», յայտնեց Փոմփէօ:
Խօսելով Ռուսիոյ մասին` ան ըսաւ. «Ռուսիան կազի խողովակաշարերը կ՛օգտագործէ Ուքրանիոյ վրայ քաղաքական ճնշում բանեցնելու համար»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժեց անոր քարիւղի եւ կազի պահեստներուն հասնելու համար»: «Ռուսիան վճռած է արգելք հանդիսանալ, որ Ուքրանիան իր ուժանիւթի պահեստը, խողովակաշարերն ու ցանցը օգտագործէ ուժանիւթը իր քաղաքացիներուն բնակարանները հասցնելու համար», նշեց ան:



