Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ արաբական դաշինքին պատերազմի զինուորական օժանդակութիւնները դադրեցնելու օրինագիծ մը:
100 անդամներէ բաղկացած Ծերակոյտին մէջ նշեալ օրինագիծը որդեգրուեցաւ 54 թեր եւ 46 դէմ քուէներով:
Օրինագիծը կը ձգտի ամերիկեան ուժերուն արգիլել տագնապին մէջ որեւէ տեսակի մասնակցութիւն ունենալ, ներառեալ առանց Քոնկրեսին կողմէ լիազօրուելու սէուտական օդային հարուածներուն աջակցութիւն տրամադրելը:
Կը նախատեսուի, որ օրինագիծը ներկայացուի նաեւ Ներկայացուցիչներու տան, ուր ըստ նախատեսութեանց պիտի որդեգրուի, որովհետեւ Քոնկրեսի ստորին պալատը կը գտնուի դեմոկրատականներու վերահսկողութեան տակ: