Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսը Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին` Կիպրոսի կղզիին մօտ պեղման աշխատանքներ կատարելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Թուրքիան ածխաջրածնային հետազօտութիւններ կը կատարէ Կիպրոսի յարակից տնտեսական գօտիին մէջ, որ Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ այդպիսին չի ճանչցուիր:
Եւրոպական Միութեան մէջ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչ Քոռնիլիուս Քոռնիլիուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիան պեղման աշխատանքներ կը կատարէ այն տարածքներուն մէջ, որոնք արտօնուած են միայն ֆրանսական «Թոթալ» եւ իտալական «Էնի» ընկերութիւններուն: Նաեւ կը նշուի, թէ շարք մը տարածքներու մէջ քարիւղի եւ բնական կազի արտահանման իրաւունքը նոյնպէս տրուած է նշեալ ընկերութիւններուն, սակայն Թուրքիան այնտեղ եւս կը կատարէ պեղման աշխատանքներ:
Քոռնիլիու ընդգծած է, թէ Թուրքիան խախտած է միջազգային իրաւունքի արժեչափերն ու Կիպրոսի գերիշխանութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ` «Ծովային իրաւունքի մասին ՄԱԿ-ի ուխտ»-ը:



