Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ուղղած է «խուսափելու որեւէ մագլցողական քայլէ եւ շրջանի կայունութեան քայքայումէ»:
Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահը իր իրանցի պաշտօնակիցին փոխանցած է «Ֆրանսայի եւ անոր եւրոպական գործընկերներուն յանձնառութիւնը այն շրջագիծին, որ ճշդած է հիւլէական համաձայնագիրը», որ 2015-ին ստորագրուած էր Իրանի եւ Վեցեակին (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Չինաստան եւ Գերմանիա) միջեւ: