Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի դիմադրէ ամերիկեան ճնշումներուն, իսկ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը կը պաշտպանէ իրանցիները: «Յեղափոխական պահակագունդը Միջին Արեւելքի մէջ, Իրաքէն Սուրիա, միշտ դէմ կը դնէ ահաբեկիչներուն», նշեց Ռուհանի:
Իրանի նախագահը աւելցուց, որ եթէ Ամերիկան շարունակէ Թեհրանի վրայ ճնշումը, ապա Իրան «Այ.Առ.8» հիւլէական արդիական հնոցներ պիտի արտադրէ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ սխալ գործեցին Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական որակելով, եւ այդ քայլը պիտի միաւորէ իրանցիները:
Ռուհանի ըսաւ, թէ ան, որ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու մէջ կանգնեցաւ իրաքցի, սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն կողքին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդն էր:
«Ամերիկան ինքն էր, որ 1988-ին մեր ճամբորդատար օդանաւը վար առաւ եւ այսօր կ՛ուզէ բոլոր կարմիր գիծերը անցնելով սարսափեցնել ժողովուրդը», նշեց ան:
Իրանի նախագահը յայտնեց. «Այսօր հիւլէական արդի ճարտարագիտութիւններու մարզին մէջ կատարուած բացումը ցոյց կու տայ, որ անկարող են կանգնիլ Իրանի ճամբուն վրայ»:
Ռուհանի ըսաւ, որ Յեղափոխական պահակագունդը Ամերիկայի ատելութեան ու զայրոյթին թիրախն է, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ ձախողութեան մատնած է անոր ծրագիրները: «Պիտի չկարենան կանգնիլ մեր զինուորական ու խաղաղասիրական հիւլէական կարողութիւններուն դիմաց», ըսաւ ան:
«Այսօր բացումը կը կատարենք կեդրոնական հնոցներու սարքերու 6-րդ սերունդին, եւ եթէ շարունակեն իրենց անիրաւութիւնը, ապա բացումը պիտի կատարենք 7-րդ եւ 8-րդ սերունդներուն», յայտնեց Ռուհանի` շեշտելով. «Շարք մը հարցերու մէջ համբերեցինք, սակայն Արեւմուտքը պէտք է իմանայ, թէ մեր համբերութիւնը չափ ու սահման ունի»: