2020-ի ելեւմտական տարուան մէջ, որ կը սկսի 1 հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի պիւտճէն 733 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ, ինչ որ 17 միլիառով նուազ է մարտին Սպիտակ տան խնդրած պիւտճէէն:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է 2020 ելեւմտական տարուան զինուորական պիւտճէի նախագիծին մէջ, որ մշակուած է Քոնկրեսի ստորին պալատին` Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերով յանձնախումբի նախագահ, դեմոկրատական Էտըմ Սմիթի կողմէ:
«Յանձնախումբի նախագահի առաջարկը կը նախատեսէ մեր ազգային պաշտպանութեան 733 միլիառ տոլար յատկացնել, ինչ որ մեր զինուորներուն պիտի արտօնէ պահպանել մարտունակութիւնը, մեծցնել ներուժը եւ ներդրումներ կատարել նոր ծրագրային ապահովման եւ ճարտարագիտութիւններու մէջ, որոնք անհրաժեշտ են երկիրը մեր հակառակորդներէն պաշտպանելու համար», կ՛ըսուի մշակուած նախագիծին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, թէ արտերկրի մէջ զինուորական գործողութիւններու իրականացման համար կը նախատեսուի 69 միլիառ տոլար յատկացնել:
Նշեալ նախագիծը պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու պալատներու հաստատման, որմէ ետք ստորագրուելու համար պիտի ուղարկուի նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ մարտին Քոնկրեսէն խնդրած էր 5 առ հարիւրով աւելցնել պաշտպանութեան ծախսերը` 2020-ի ելեւմտական տարուան մէջ զանոնք հասցնելով 750 միլիառ տոլարի: