2018-ին Վենեզուելայի մէջ սղաճը հասած է 130,060 առ հարիւրի: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը հաղորդուի Վենեզուելայի կեդրոնական դրամատան պատրաստած զեկուցումին մէջ, որ հրապարակուած է երեք տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, թէ 2013-էն մինչեւ 2018 թուական երկրի տնտեսութիւնը, որուն 96 առ հարիւրը կը կազմէ քարիւղի հատուածը, կրճատուած է 47,6 առ հարիւրով:
2013-2014 թուականներուն քարիւղի արտածումէն շահը կազմած է համապատասխանաբար 85,603 եւ 71,732 միլիառ տոլար, իսկ 2018-ին արտածումը նուազած է մինչեւ 29,81 միլիառ տոլարի:
Զեկուցումը կը հաղորդէ, որ այս տարուան ապրիլին սղաճի մակարդակը կազմած է 33,8 առ հարիւր, իսկ յունուարէն մինչեւ մարտ երկարող երեք ամիսներուն ընթացքին` համապատասխանաբար 196,6 առ հարիւր, 114,4 առ հարիւր եւ 34,8 առ հարիւր: