Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Թէ Իրենք Պատերազմ Չեն Ուզեր, Եւ Դիւանագիտութիւնը Կը Գործէ. Փոմփէօ. «Իրան Հաստատօրէն Պատասխանատու Է Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Կատարուած Յարձակումին Համար»

June 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հաստատ մնաց Իրանի վերաբերեալ իր կեցուածքին վրայ` նշելով, թէ «հաստատ» է, որ Թեհրան պատասխանատու է Արաբական ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն համար:

«Այստեղ պատահածը հաստատ է: Ասոնք Իրանի իսլամական հանրապետութեան կողմէ առեւտրական նաւարկութեան, նաւարկութեան ազատութեան դէմ յարձակումներ էին` (Հորմուզի) նեղուցէն տարանցումը արգիլելու յստակ նպատակով», ըսաւ ան «Ֆոքս Նիուզ Սանտէյ» յայտագիրի հաղորդավար Քրիս Ուալասին:

Փոմփէօ աւելցուց, որ տեղեկահաւաքի յանձնախումբը ունի «բազմաթիւ տուեալներ, բազմաթիւ փաստեր», որոնք կը հաստատեն իր պնդումը:

«Անոնց մեծ մասը հասանելի պիտի դառնայ աշխարհին, սակայն ամերիկացի ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլայ, որ մեծապէս վստահ ենք, թէ ո՛վ կատարեց այդ յարձակումները, ինչպէս նաեւ անցնող 40 օրերուն ընթացքին աշխարհի տարածքին կատարուած շուրջ վեց յարձակումները», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, թէ իր երկիրը Իրանի հետ պատերազմ չ՛ուզեր, եւ դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը երէկ իր կարգին Իրանը պատասխանատու նկատեց Օմանի ծոցին մէջ երկու քարիւղատար նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն համար:

Ան ըսաւ, թէ իր երկիրը անհրաժեշտութեան պարագային վճռական միջոցներու պիտի դիմէ Սէուտական Արաբիոյ ժողովուրդն ու ազգային շահերը պաշտպանելու համար:

«Իրանի վարչակարգը յարգանք չէ դրսեւորած պետական այցելութիւն տուող Ճափոնի վարչապետին նկատմամբ, եւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Սինծօ Ապէն հանդէս եկած է միջնորդական նախաձեռնութեամբ, Իրանի վարչակարգը յարձակումի ենթարկած է երկու քարիւղատար նաւ, որոնցմէ մէկը ճափոնական էր», ըսաւ ան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին:

Ճափոնական նաւուն նաւաստիներն ու անձնակազմի անդամները յայտնած են, թէ իրենց նաւը յարձակումի ենթարկուած է «թռչող սարքերու» կողմէ եւ ոչ թէ իրանեան ականներու, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա կը պնդեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ պաշտօնական բողոք ներկայացուց Բրիտանիոյ դեսպանին, որովհետեւ շաբաթ օր Լոնտոն եւս պնդած էր, թէ Օմանի ծոցին մէջ կատարուած յարձակումներուն հեղինակը Թեհրանն է:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ յայտնեց, որ քարիւղատար նաւերու դէպքին հարցով ամերիկեան ամբաստանութիւնները լրացումն են տնտեսական պոյքոթին:

Ան խորհրդարանի նիստին ընթացքին անդրադարձաւ «Օմանի ծովուն մէջ կատարուած կասկածելի արարքներ»-ուն` նշելով. «Ամբաստանութիւնները կու գան լրացնելու տնտեսական պոյքոթը, որովհետեւ Ամերիկան չօգտուեցաւ պոյքոթէն, մանաւանդ որ ան պատմութեան մէջ այդ ծիրին մէջ նախադէպեր ունի, արդարեւ Համաշխարհային պատերազմի (Համաշխարհային Բ. պատերազմ «Ա.») ընթացքին Ճափոնի մօտ ինքն իր նաւերը կ՛ենթարկէր յարձակումի` իր նախայարձակումին պատշաճ արդարացում ապահովելու համար»:

«Հարցին հեգնական բաժինը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնն է, երբ Իրանը յորդորեց դիւանագիտութեան դիմաց դիւանագիտութեան դիմելու: Փոմփէօ այդ յայտարարութիւնը կը կատարէ, երբ իրանցի ժողովուրդին դէմ ամէնէն ծանր պատժամիջոցները հաստատուած են, ինչպէս ան զանոնք կը կոչէ. արդեօք այդ քայլը դիւանագիտակա՞ն քայլ է», հարց տուաւ Լարիժանի:

«Ամերիկայի` սէուտցիները եմէնցի անիրաւուած ժողովուրդին դէմ զինելն ու սիոնական էութիւնը պաղեստինցի քաջարի ժողովուրդին դէմ զինելը քաղաքակա՞ն քայլ է», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

«Քասեֆ»-ներով Յարձակումներ` Ապհայի Եւ Ժիզանի Օդակայաններուն Դէմ

Յաջորդը

«Մեր Ծովուժով Եւ Օդուժով Կը Գտնուինք Արեւելեան Միջերկրականին Մէջ, Եւ Կ՛աշխատինք Զայն Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.