Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի կառավարութեան խորհուրդ տուած է զգուշ ըլլալ եւ սպառնալիքներ չհնչեցնել, այլապէս, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարին համաձայն, անոնք կրնան իրենց դէմ դառնալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւրոպացի գործընկերները նախազգուշացուցած էր, թէ Թեհրան կիրակի օրուընէ սկսեալ իւրանիոմի հարստացումը իր ուզած մակարդակով կրնայ իրականացնել:
«Իրան հերթական սպառնալիքը կը հնչեցնէ: Այդ երկրի նախագահ Հասան Ռուհանին կը յայտարարէ, թէ իրենք կրնան անհրաժեշտ քանակութեամբ եւ որքան կ՛ուզեն իւրանիոմ հարստացնել ու շրջանցել 3,67 առ հարիւրի շէմը: Խորհուրդ կու տամ սպառնալիքներ հնչեցնելու ատեն զգուշ ըլլաս, Իրա՛ն: Անոնք կրնան այնպէս ձեր դէմ դառնալ, ինչպէս երբեք», ըսած է Թրամփ:
Յիշեցնենք, որ հիւլէական գործարքէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալէն ճիշդ մէկ տարի ետք, Իրան յայտարարած էր 60 օրուան ընթացքին ծրագիրի որոշ կէտերու պարտաւորութիւններու կատարումը դադրեցնելու մասին: