Ռուսիա Պատրաստ Է Ազրպէյճանին Պատերազմական Նոր Օդանաւեր Վաճառելու
Ռուսիան պատրաստ է Ազրպէյճանին որեւէ տեսակի պատերազմական օդանաւ վաճառելու: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Արմի-2019» սպառազինութեան միջազգային համախմբումին ընթացքին յայտարարած են Միացեալ օդանաւաշինութեան ընկերութենէն:
Կը նշուի, որ համախմբումի ծիրին մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ. անոնց տեղեկացուցած են ընթացիկ նախագիծերու մասին:
Share This Article
CATEGORIES Միջազգային