Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւսըմ Ստորագրեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրող Ամավարկը

Յուլիս 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ ստորագրուած 2019-2020 նահանգային ամավարկին մէջ տեղ գտած է նաեւ թանգարանին 5 միլիոն տոլար յատկացնելու պայմանը, որուն շնորհիւ ցարդ թանգարանին կատարուած նահանգային իշխանութիւններուն ներդրումները պիտի հասնին 8 միլիոն տոլարի:

Յայտնենք, որ մայիսին այս նպատակով հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ղեկավարութեան եւ նահանգապետի օրէնսդրական հարցերու քարտուղար Էնթընի Ուիլիըմզի միջեւ, որուն լոյսին տակ, Նիւսըմ 2019-2020 տարեշրջանի նահանգային ամավարկին մէջ աոաջարկած էր այս գումարը: Այդ հանդիպումին մասնակցեցան թանգարանի հոգաբարձութենէն, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական խմբակէն եւ շինարարական յանձնախումբէն անդամներ:

Թանգարանի ծրագիրի ջատագով, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ դրուատեց Նիւսըմի այս քայլը` շեշտելով, որ անոր միջոցով նահանգապետը ցոյց կու տայ, թէ լաւապէս հասկցած է թանգարանի ծրագիրին յոյժ կարեւորութիւնը:

Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները` Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Մամուլի Համաժողովը` Համահայկական Օրակարգի Ձեւաւորման Սատարող Գործօն

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Պատմութեան Մէջ Առաջին Կին Դեսպանը Ստանձնած Է Իր Պաշտօնը

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը`  «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական  Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար»  Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական  Գերագոյն Յանձնախումբը
Գլխաւոր լուրեր

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

Սեպտեմբեր 18, 2025
Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ  Հանդիպո՞ւմ
Միջազգային

Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ Հանդիպո՞ւմ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?