Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ որեւէ ուժ չունինք եւ չենք ծրագրեր այդ իրողութիւնը փոխել»:
Այդպիսով, Պերլին պատասխանեց Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի մէկ օր առաջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ իր երկիրը Գերմանիայէն կը սպասէ հիւսիսային Սուրիա ուժեր ուղարկել` օժանդակելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:
«Ուաշինկթըն Գերմանիայէն կը խնդրէ ցամաքային ուժեր ուղարկել հիւսիսային Սուրիա` մասնակի կերպով փոխարինելու համար ամերիկացի զինուորները», ըսած էր ան:
«Գերմանիան ազդու դեր կը խաղայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին եւ հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքական հոլովոյթին մէջ, սակայն անկէ ցամաքային ուժերու առումով աւելի մեծ աջակցութիւն կ՛ուզենք», նշած էր ամերիկացի պատուիրակը: