Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Տոհայի Մէջ Աֆղանական Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Յաջողութիւնը Յայտարարեց

Յուլիս 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ տագնապներու լուծման միջնորդութեան հարցով յատուկ պատուիրակ Մութալլաք պըն Մաժետ Քահթանի յայտարարեց. «Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Քաթարի եւ Գերմանիոյ հովանաւորութեամբ գումարուած աֆղանական խաղաղութեան երկօրեայ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցան»:

Ան նշեց, որ աֆղանական ընկերութեան բոլոր հատուածները ներկայացնող աւելի քան 60 աֆղաններ, ներառեալ կիներ, թալեպաններ եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ ոչ պաշտօնական կարգավիճակով առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած են Աֆղանիստանի մէջ տագնապին վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Անոնք երկօրեայ ժողովի ընթացքին արծարծած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ մը, ներառեալ կիներու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները, զինադադարի հաստատումը, բանտարկեալներու ազատ արձակումը, օտար ուժերու հեռացումը եւ Աֆղանիստանի քաղաքական ապագան:

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի Ուաշինկթընի Ներկայացուցիչները Թալեպաններուն Հետ Քննարկած Են 2,5 Տարուան Մէջ Աֆղանիստանէն Զօրքերու Հեռացման Հարցը

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները Թալեպան շարժումին հետ կայացած խորհրդակցութիւններու ընթացքին նշած են 2,5 տարուան ընթացքին Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման կարելիութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը:

Ամերիկեան օրաթերթի աղբիւրին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ հաւանական նկատած են, որ ամերիկեան զօրքերը Աֆղանիստանէն դուրս բերուին 2,5 տարուան ընթացքին: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, թէ նախապէս կը խօսուէր երեք տարուան մասին:

Աղբիւրը պարզաբանած է, թէ Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչները պնդած են, որ օտար զինուորները պէտք է «երկրէն հեռանան 9 ամսուան ընթացքին»:

Աֆղանիստանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատ 6 յուլիսին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած էր, թէ Քաթարի մէջ Թալեպան շարժումին հետ բանակցութիւններու վերջին փուլը եղած է մինչեւ հիմա ամէնէն արդիւնաւէտը: Ան նաեւ նշած է, որ խորհրդակցութիւնները դադրեցուած են եւ պիտի վերսկսին այսօր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Փոմփէօ յուլիսին յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն հաւանական կը նկատէ Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումին հետ հաշտութեան հասնիլ մինչեւ 1 սեպտեմբեր: Ան հերքած էր թալեպաններու ներկայացուցիչներու այն պնդումները, թէ ամերիկացիները արդէն իրենց յանձնած են Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման նախնական ժամանակացոյցը:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Կառավարական Նիստեր Առկախելու Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

Յաջորդը

Բրիտանական Կառավարութիւնը Ամբողջական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուաշինկթընի Մէջ Իր Դեսպանին

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?